2011-01-14 12:53:16

Հայաստան - Ռուսիա Համագործացկութիւն ` Զինուորական Սուրհանդակային Նամակատնային Կապի Մարզին Մէջ։


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տուած է Ռուսիոյ հետ զինուորական սուրհանդակային-նամակատնային կապի մարզին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ։ Ըստ Նախարարին զինուորական նամակագրութիւնը անձեռնմխելի է, եւ ենթակայ չէ սահմանային եւ մաքսային վերահսկողութեան։ Սոյն համաձայնագիրով կը կարգաւորուին զինուորական սուրհանդակներու գործունէութիւնը, նամակներու եւ յատուկ բեռներու առաքումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.